Jump to content

Թիւրքմենչայի պայմանագիր

Թիւրքմենչայի Պայմանագիրը 1828 (պարսկերէն՝ عهدنامه ترکمنچای), ստորագրուած է Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ 10 Փետրուարին, Պարսկաստանի Արեւելեան Ազրպէյճան նահանգի Թիւրքմենչա գիւղին մէջ՝ 1826-1828 թուականներուն ռուս–պարսկական պատերազմներուն վերջ տալու համար։

1828-ին Թիւրքմենչայի պայմանագիրը կնքուած է Ռուսաստանի եւ Իրանի միջեւ՝ իբրեւ նշան 1826-1828 թուականներու ռուս-պարսկական պատերազմի աւարտը։ Պայմանագիրը ստորագրուած է 21 Փետրուար-ին Թիւրքմենչա գիւղին մէջ (Թաւրիզի մերձակայքը)։ Ռուսական կողմէն զայն ստորագրած է Իւան Պասկեւիչ, Պարսկաստանի կողմէն՝ արքայազն Աբաս-Միրզա։ Խաղաղութեան պայմաններուն մշակման մասնակցած է Ալեքսանդր Կրիպոյետով (Alexander Griboyedov)[1]։

Ըստ այս պայմանագիրին, երկու երկիրները կը համաձայնին։

  1. Պայմանագիրին 4-րդ յօդուածին համաձայն՝ Իրան Երեւանը եւ այսօրուան Ազրպէյճանին մաս կազմող՝ Նախիջեւանը, Թալիշը, Օրդուբադը եւ Արրան նահանգի Մուղան շրջանները կը յանձնէ Ռուսաստանին, ինչպէս նաեւ այն շրջանները, որ Ռուսաստանին յանձնած է Կիւլիստանի պայմանագիրին ընթացքին։
  2. Արաքսն է նոր սահմանը Իրանի եւ Ռուսաստանի միջեւ, «Արարատ ղալայէն մինչեւ Ասթարա գետի ելանցքը»։
  3. Պայմանագիրին 6-րդ յօդուածին համաձայն՝ Իրան կը խոստանայ Ռուսաստանին վճարել 10 քորուր ոսկի (1828-ի արժոյթով)։
  4. Պայմանագիրին 8-րդ յօդուածին համաձայն՝ պարսկական նաւերը կը կորսնցնեն իրենց իրաւունքները Կասպից ծովուն մէջ եւ իր ափերուն շրջելու, որ կը տրուի Ռուսաստանին։
  5. Իրան կը ճանչնայ Պարսկաստանի մէջ գտնուող ռուսերուն անձնատուր ըլլալուն իրաւունքը։
  6. Պայմանագիրին 10-րդ յօդուածին համաձայն՝ Ռուսաստան կը շահի իր հիւպատոսական պատուիրակները Պարսկաստան եւ այլուր ուղարկելու իրաւունքը։
  7. Պայմանագիրին 13-րդ յօդուածին համաձայն՝ պատերազմի գերիներու փոխանակում։
  8. Պայմանագիրին 10-րդ յօդուածին համաձայն՝ Պարսկաստան իրաւունք ունի տնտեսական պայմանագիրեր կնքել Ռուսաստանի հետ՝ ինչպէս որ Ռուսաստան կը ճշդէ։
  9. Պայմանագիրին 7-րդ յօդուածին համաձայն՝ Ռուսաստան կը խոստանայ աջակցիլ Աբբաս Միրզային իբրեւ Պարսկաստանի թագաժառանգը Ֆաթհալի Շահին մահէն ետք։
  10. Պարսկաստան պաշտօնապէս ներողութիւն կը խնդրէ իր կողմէն Կիւլիստանի Պայմանագիրին համաձայնութիւններուն խախտման համար։
  11. Պայմանագիրին 15-րդ յօդուածին համաձայն՝ Ֆաթհալի Շահը կը խոստանայ հիւսիս արեւմտեան շրջանին որեւէ խանութիւններու անջատման շարժումները չհալածել։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
pFad - Phonifier reborn

Pfad - The Proxy pFad of © 2024 Garber Painting. All rights reserved.

Note: This service is not intended for secure transactions such as banking, social media, email, or purchasing. Use at your own risk. We assume no liability whatsoever for broken pages.


Alternative Proxies:

Alternative Proxy

pFad Proxy

pFad v3 Proxy

pFad v4 Proxy