Քնացած իշխանուհին
Քնացած իշխանուհին, ժողովրդական եւրոպական հեքիաթ: Քրիստոնէական դարձաւ հեքիաթի մէկ տարբերակը, որ հրատարակուած է 1697 թուականին Շարլ Փերրո-ի կողմէ: Յայտնի է նաեւ Կրիմ Եղբայրներու խմբագրած տարբերակը: Ըստ Արնէ Թոմսընի դասակարգումին` այս նիւթը կը զբաղեցնէ 410-րդ տեղը եւ կը դասուի հեքիաթներու շարքին, նիւթը կառուցուած է գերբնական հարազատներու յարաբերութեամբ (թագաւորին կինը խորթ մայրն էր գլխաւոր հերոսուհիին):[1]
Նիւթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կը ծնի թագաւորին եւ թագուհիին շատ սպասուած դուստրը եւ անոնք կը հրաւիրեն բոլոր փէրիներուն պալատ խնճոյքի, բացի մէկ հոգիէ, քանի որ ան արդէն կէս տարի դուրս չէր եկած իր պալատէն, եւ բոլորը որոշած էին, որ ան մահացած է: Խնճոյքի ամենաթէժ պահուն կը յայտնուի չի հրաւիրուած փէրին որու հետ, ինչպէս ան կը կարծէր տգեղ վարուած էին, քանի որ իրեն համար չէր բաւականացնէր թանկարժէք սեղանի սպասարկութիւնը: Երբ բոլոր փէրիները, բացի մէկ հոգիէն, որ որոշած էր իր վերջին խօսքը ցգել, կախարդեց արքայադուստրը իր կախարդական շնորհով: Ծեր փէրի Քարապոսսը արտասանեց իր անէծքը. «արքայադուստրը իլիկով կը ծակէ իր մատը եւ կը մահանա»: Վերջին փէրին կը թեթեւցնէ անէծքը. «այո՛, արքայադուստրը կը ծակէ իր մատը իլիկով, բայց կը քնանայ հարիւր տարի»: Թագաւորը հրաման կու տայ վառել բոլոր իլիկները, բայց տասնվեց տարի յետոյ արքայադուստրը պալատին մէջ կը գտնէ ծեր կին մը, որ ոչինչ կը լսէր թագաւորական հրամանին մասին եւ ունէր իլիկ: Արքայադուստրը կը ծակէ իր մատը իլիկով եւ մահամերձ կ՛ինայ: Անոր արթնցնելը արդէն անհնար էր: Կը յայտնուի վերջին փէրին, որ թեթեւցուցած էր անէծքը եւ կը խնդրէ թագաւորէն եւ թագուհիէն երթալ պալատէն: Այդ ժամանակ ան ամբողջ պալատը կը քնացնէ հարիւր տարիով եւ պալատի շուրջը կ՛աճեցնէ անանցնելի անտառ, որ ոչ մէկը չի կրնայ մտնել պալատ հարիւր տարի: Կ՛անցնի հարիւր տարին կը յայտնուի իշխան մը կը մտնէ պալատ եւ արքայադուստրը կ՛արթննայ (ոչ մէկ համբոյր չի կար, արքայադուստրը կ՛արթննայ միայն քանի որ եկած էր ժամանակը): Յետոյ անոնք գաղտնի կը նշանուին: Անոնք կ՛ունենան երեխաներ` տղայ որու անունն էր Օր, եւ աղջիկ որու անունն էր Լուսաբաց: Բայց իշխանի մայրը կ՛իմանայ երկուքին սիրոյ մասին եւ կը խնդրէ բերել պալատ իր թոռնիկներուն եւ արքայադուստրը: Ապագայ մարդակերը հազիւ ինքնիրեն կը զսպէ, որ չ՛ուտէ իր թոռներուն: Բայց իշխանը կը մեկնի պատերազմի: Սկիզբը մարդակերը կը հրամայէ սպաննել թոռնուհիին յետոյ թոռան եւ վերջաւորութեան կնոջը, իսկ յետոյ պատրաստել համեղ ուտեստ: Բայց պալատականները կը թաքցնեն անոնց ախոռին մէջ, իսկ թագուհիին կու տան կենդանիներու միս: Օր մը մարդակեր թագուհին մօտենալով բակին կը լսէ ախոռէն ճչոցներ. արքայադուստրը կը ցանկանար թաքցնել հողի մէջ որդիին չարաճճիութիւններուն համար: Մարդակերը այնպէս բարկացաւ, որ հրամայեց բակին մէջ դնել կաթսայ եւ այնտեղ նետել թոռները եւ դշխուհին, բայց ի երջանկութիւն դշխուհիին, կը վերադառնայ իշխանը: Չի դիմանալով ամօթին մարդակերը ինքն իրեն կը նետէ կաթսային մէջ եւ կը մահանայ: Հեքիաթի վերջաւորութեան բարոյախօսութիւն կը տրուի. ոչ մէկ աղջիկ չի քնանար մէկ դար, որ սպասէ ամուսինին տիտղոսով եւ հարստութեամբ:
Նախորդ գրողները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւելի շուտ յայտնի նիւթի տարբերակը կը գտնուի ֆրանսական վէպին մէջ: Նախորդ հեքիաթներէն է Ճամբպաթթիսթի Պազիլէ «Արեւ, Լուսին եւ Թալիա» առաջին անգամ հրատարակուած 1634 թուականին: Պազիլի հեքիաթին մէջ պալատական աստղագուշակները կը գուշակեն եւ կ՛ըսեն թագաւորին, որն անոր դուստրը` արքայադուստր Թալիին վտանգ կը սպառնայ Լիոն ծաղիկէն: Թագաւորը կ՛արգիլէ բերել պալատ ցանկացած բոյսը, որ կը նմանի լիոն ծաղիկին, բայց տարիներ յետոյ Թալիան կը նայի պատուհանէն եւ կը տեսնէ ծեր կնոջ, որ կը ջրէր իր լիոն ծաղիկը: Թալիան կը ցանկանայ դպնալ ծաղիկին եւ վարակը կ՛անցնի եղունգներում միջոցով եւ անոր պատճառով ան մահամերձ կ՛ինայ: Ուժ չունենալով համակերպուիլ դստեր մահուան, արքան թագուհիին հետ չի թաղեր զայն եւ կը հրամայէ տանիլ մարմինը քաղաքէն դուրս գտնուող պալատը: Օր մը այնտեղ կ՛երթայ որսի ժամանակ կորսուած ուրիշ երկիրի թագաւոր մը, կը գտնէ Թալիա-ին եւ չի կրնար արթնցնել: Ինը ամիս ետք Թալիան երազին մէջ կ՛ունենայ երկուորեակ երեխաներ. Որ մը երկուորեակներէն մէկը փնտրելով մօր կուրծքը կը սկսի ուտել մատը եւ այդ պահին արքայադուստրը կ՛արթննայ: Աւելի ուշ, թագաւորը յիշելով իր արկածներու մասին կ՛երթայ տեսնելու քնած անծանօթը եւ անոր արթնցած կը գտնէ երկու երեխաներուն հետ որու ան կու տայ Արեւ եւ Լուսին անունները: Տունը ան երազին մէջ կը կանչէ Թալիան, Արեւը եւ Լուսինը եւ անոր կինը կը հասկնայ, որ թագաւորը ունի ուրիշ ընտանիք: Ան կը հրամայէ գտնել միւս ընտանիքը եւ իմանալով ամբողջ ճշմարտութիւնը, կը հրամայէ սպաննել Արեւը եւ Լուսինը եւ պատրաստել անոնցմէ համեղ ուտեստներ: Գթասիրտ խոհարարը կը փոխէ երեխաները այծերուն հետ, բայց թագուհին չի հասկնար այդ, վստահ էր, որ իր թշնամիին երեխաները այլեւս չկան եւ կը հրամայէ բերել անոր մօտ Թալիա-ին: Անոր հրամանով բակին մէջ կը վառեն մեծ խարոյկ, որու վրայ ան կը պատրաստուէր սպաննել Թալիան, բայց այդ ժամանակ կը յայտնուի թագաւորը, կ՛իմանայ, թէ ինչ կ՛ըլլայ, կը հրամայէ Թալիա-ի փոխարէն կրակին մէջ նետել թագուհիին: Խոհարարի շնորհիւ թագաւորը եւ Թալիան կը միանան իրենց երեխաներուն հետ եւ կ՛ամուսնանան: Փեռոն կը փոխէ նիւթի մի քանի հատուածներ եւ թագաւորին կնոջ կը դարձնէ իշխանի մայր, իսկ երազի պատճառը կը դարձնէ չար փէրիի կախարդանքը: Նման նիւթի կը հանդիպի Ճամպաթթիսթիի մէկ այլ հեքիաթին մէջ յայտնի «Երիտասարդ կինը» անուանումով: Այս հեքիաթին մէջ վերջին փէրին կը շտապէ արքայադուստրը ծնուելու խնճոյքին որուն անունը Լիզա էր, կ՛ինայ եւ ոտքը կը վնասէ եւ բարկութենէն դրթուած կը յայտարարէ, որ արքայադուստրը կը մահանայ եօթ տարեկանին այն պատճառով, որ անոր մայրը սանտրը կը մոռնայ մազերուն մէջ: Այդպէս ալ կ՛ըլլայ եւ աղջկան կը դնեն ապակիէ դագաղի մէջ: Այս դագաղը կը ներկայացուի նաեւ Կրիմ եղբայրներու «Ձիւնաթոյրը» եւ «Ապակիէ դագաղ» հեքիաթներուն մէջ:
Նիւթի այլ տարբերակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Վասիլի Ժուքովսկին գրած է բանաստեղծութիւն «քնացած թագուհին» ուր դուստրը ծնելու պահուն կ՛ախտորոշեն քաղցկեղ:
- «Քնացած իշխանուհի»-ի նիւթով գրուած է Ձիւնաթոյրի եւ եօթ թզուկներու մասին հեքիաթը Ալեքսանտր Փուշքին վերցուցած է երկու հեքիաթները եւ գրած է ռուսական ժողովրդական հեքիաթ մը «Հեքիաթ մահացած թագուհիին եւ եօթ հարուստներու մասին»[2]:
Պատմական հիմքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քանի մը բանահաւաքներ կը մտածէին, որ նիւթին մէջ տասներեք փէրիներու հատուածը նման է Լուսինի օրացոյցին (ուր տարին կազմուած է տասներեք ամիսներէ)[3]: Այսօր այս տարբերակը հինցած կը համարուի:
Թատերապարեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Քնացած իշխանուհի» թատերապարը ստեղծուած է Ֆ. Կերորդտի կողմէ, թատերակը ըստ Եժէն Սքրիպի, թատերապարի ուսուցիչ` Ժ.Պ. Օմեր, թատերական առաջին ներկայացումը տեղի ունեցած է Պետական Փարիզեան Օփերաին մէջ Օգոստոս 27 1829-ին:
- «Քնացած իշխանուհի» Փէօթր Չայքովսկի-ի թատերապարը ըստ թատերակ Ի. Վսեւոլոժսկի եւ Մարիուս Փեթիփի գրուած է 1889 թուականին, իսկ ներկայացուած է հանդիսատեսին 1890 թուականին:
Ցուցադրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1930 թուականին խորհրդային արտադրող Սերկէյ Վասիլեվ նկարահանեց տեսաժապաւէն «Քնացած իշխանուհի»ն:
- Յունուար 29 1959-ին տեղի ունեցաւ Ուոլթ Տիզնիի «քնացած իշխանուհի» մանկական տեսաժապաւէնի թատերական առաջին ցուցադրութիւնը:
- 2008 թուականին յայտնուեցաւ իռլանտական համակարգչային մանկական տեսաերիզը «քնացած իշխանուհի» «Մէծ մօր քնացած իշխանուհին ըստ Կրիմմ եղբայրներու»:
- 2010 թուականին այն կ՛ենթադրէր «Օսքար»-ի, բայց չստացաւ այն:
- «Քնացած իշխանուհի» հեքիաթի նիւթը իմաստային կ՛ակնարկուի նաեւ Փետրո Ալմոտովարի «Խօսիր անոր հետ» տեսաժապաւէնին մէջ (2002 թուականին):
- Հերոս Քնացած Իշխանուհին կը հանդիսանայ հիմք խորհրդային «Հեքիաթներու դաշտ» տեսաժապաւէնին մէջ (1988):
- Մայիսի 292014-ին հեռարձակուեցաւ «մալեֆիսենթ» տեսաժապաւէնը ուր գլխաւոր հիմքը հանդէս կու գայ Քնացած դշխուհիի դասական պատմութիւնը:
Պատկերաւորումի արուեստ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կիւստաւ Տորէն ստեղծած է վեց փորագրանկարներ հեքիաթի վերնագրով:
Դրոշմահաւաքութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թղթատարական ընկերութիւնը ՖՌԳ հրատարակեց «հեքիաթային» նամականիշեր 1959-1967 թուականներուն, սկսելով հրատարակել միաձեւ նամականիշեր, անոնք նուիրուած էին Վիլկելմա Կրիմի մահուան 100-րդ տարուան: «Քնած իշխանուհի» հեքիաթին տրուած է առանձին հրատարակութիւն 1964 թուականէն: Հրատարակութիւնը կազմուած էր 4 հիմնական դրդումներէն: Այս նամականիշերը եղած են թղթատարական-բարեգործական, երբ սովորական գինը 10, 20 եւ մինչեւ 50 փֆենիկ էր, յաճախորդները յաւելեալ վճարում կը վճարէին օգնութիւն կարիքաւոր երեխաներուն:
-
1964: Փոստային նամականիշ Ֆ՚ՌԳ «քնած գեղեցկուհիէ
-
1964: Թղթատարական նամականիշ ՖՌԳ «Քնացած իշխանուհի»
-
1964: Թղթատարական նամականիշ ՖՌԳ «Քնացած իշխանուհի»
-
1964: Թղթատարական նամականիշ ՖՌԳ «Քնացած իշխանուհի»
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Heidi Anne Heiner, "Tales Similar to Sleeping Beauty" Archived 2010-04-30 at the Wayback Machine.
- ↑ «В. А. Жуковский. Собр. соч. в 4 тт. Том 3. Спящая царевна»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-07-18-ին։ արտագրուած է՝ 2017-07-20
- ↑ Lֆthi, Max (1970). Once Upon A Time: On the Nature of Fairy Tales. New York: Frederick Ungar. p. 33. ISBN 0-8044-2565-5
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Текст сказки»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-07-24-ին։ արտագրուած է՝ 2017-07-20