Jump to content

Գերզգայութիւն

Մաշկային գերզգայութեան նախանշաններ

Գերզգայնութիւնը մէկ հիւանդութիւն չէ, այլ զանազան հիւանդութիւններու խմբաւորում է: Թուելով օրինակները տարբեր գերզգայնութիւններու, օրինակ՝ թոքերու հետ առնչուած գերզգայնութիւնը ազման է, մորթի հետ կապուածը՝ էքզեմա, քիթի հետ՝ քթային անցքերու բորբոքում, աչքի հետ՝ աչքի արտաքին թաղանթի բորբոքում եւ այլն:

Գերզգայնութիւն բառի սահմանում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Ալերժի» բառը առաջին անգամ 1906-ին գործածուած է գերմանացի Քլեմէնզ Վօն Փիրքէ Clemens von Pirquetանունով բժիշկի մը կողմէ: Ազմա- Թոքերու հետ առնչուած գերզգայնութիւնը ունի իր ժառանգական ազդակը: Ենթական շնչելով գերզգայնութիւն յառաջացնող նիւթը, պատճառ կը դառնայ Ազմայի գոյացման, որուն կ՛ընկերակցի շունչի նեղութիւն եւ սուլոց:Ըստ աշխարհագրական դիրքի եւ երկրի կլիմայական պայմաններուն, աշխարհի մէկէն տասնութ առ հարիւր բնակչութիւնը կը տառապի Ազմա- թոքերու գերզգայնութենէ: Գերզգայնութիւն յառաջացնող նիւթերը կրնան ըլլալ փոշին, ինչպէս նաեւ ծաղիկներու փոշին, անասուններու մազը, տարբեր փետուրները, բուրդը, գորգը, տարբեր խաղալիքները, իրերը, ինչպէս նաեւ մուշտակը, անուշահոտը եւ այլն: Նոյնանման նիւթեր կրնան յառաջացնել նաեւ քիթի գերզգայնութիւնը: Ախտանշանները կ՛ըլլան քիթի քերուըտուքը, փռնգտալը:Քիթի գերզգայութիւն ունին մօտաւորապէս աշխարհի քսան առ հարիւր բնակչութիւնը: Իսկ եթէ նոյն նիւթերը աչքի մօտ ըլլան, տեղի կ՛ունենայ աչքի գերզգայնութիւնը: Մորթի պարագային գերզգայնութիւնը կը յառաջանայ, երբ ենթական եւ նիւթը շփում կ՛ունենան իրարու հետ: Նշեալ նիւթերը կրնան յառաջացնել գերզգայնութիւն, ինչպէս՝ օճառը, լուացքի դեղը:Մորթի գերզգայութիւն ունին մօտաւորապէս աշխարհի քսան առ հարիւր բնակչութիւնը:

Գերզգայութիւնը ախտաճանաչող գործիք

Ուտելիքներէ յառաջացող գերզգայնութիւնը կրնայ պատճառել մորթի քարտէսի նման ճերմակ եւ վարդագոյն երեւոյթը:Ուտելիքներու հանդէպ գերզգայութիւն ունին մօտաւորապէս աշխարհի վեց առ հարիւր բնակչութիւնը: Երբ գերզգայնութիւնը առկայ է, մարմինը կը հակադարձէ արտադրելով հակամարմիններ: Հակամարմիններու գլխաւորը IgE տեսակն է: Այս բաժինով կարելի է նշել նաեւ «Մասթ» բջիջները, ինչպէս նաեւ Հիսթամինը: Արեան քննութիւններու ճամբով կարելի է ստուգել քանակը IgE-ներու, ինչպէս նաեւ անոնց զանազան տեսակները՝ մանրամասնօրէն ներկայացնելով ցանկը գերզգայնութիւն յառաջացնող տարբեր նիւթերու:

Դեղերու հետ առնչուած գերզգայնութիւն ալ գոյութիւն ունի, յատկապէս՝ Փենիսելինը (Penicilin): Ենթական որեւէ մէկ ժամանակ կրնայ ունենալ Փենիսելինի նկատմամբ գերզգայնութիւն, ինչպէս նաեւ հետագային կրնայ անհետանալ այդ գերզգայնութիւնը: Այս պարագային, երբ Փենիսելինը պիտի տրուի ենթակային մկանային սրսկումի ճամբով, պէտք է ատիկա ըլլայ շատ զգուշօրէն եւ անմիջական բուժօգնութեան պայմաններու ներքեւ:

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1. McConnell, Thomas H. (2007). The nature of disease : pathology for the health professions. Baltimore, Mar.: Lippincott Williams & Wilkins. p. 159. ISBN 978-0-7817-5317-3. 2."Types of Allergic Diseases". NIAID. May 29, 2015. Retrieved 17 June 2015. 3."Environmental Allergies: Symptoms". NIAID. April 22, 2015. Retrieved 19 June 2015.

pFad - Phonifier reborn

Pfad - The Proxy pFad of © 2024 Garber Painting. All rights reserved.

Note: This service is not intended for secure transactions such as banking, social media, email, or purchasing. Use at your own risk. We assume no liability whatsoever for broken pages.


Alternative Proxies:

Alternative Proxy

pFad Proxy

pFad v3 Proxy

pFad v4 Proxy